151560

Պաթումիի Մասին

Պաթումին Աճարայ ինքնաւար Հանրպետութեան մայրաքաղաքն է եւ Վրաստանի 3-րդ մեծ քաղաքը, տեղացի բնակչութեան թիւը 250.0000 է որը ամռանը այս թիւ օտարերկրացիներով կը հասնի մինչեւ 750.000ի:


Պաթումին կը ծառայէ որպէս կարեւոր նաւահանգիստ եւ առեւտրային կենտրոն: Դրանսկովկասեան երկաթուղին եւ Պաքուի կազատարը կ'աւարտուի այս քաղաքին մէջ: նոյնպէս Պաթումին սահմանամերձ քաղաք է հարեւանութեամբ Թուրքիայի, Սարբի սահմանակէտը կը կապէ Թուրքիան,Վրաստան,Հայաստան,Ազէրպէյճանը այս սահմանագիծով:


Պաթումին կը գտնուի ենթարեւադարձ գօտիի մէջ, հարուստ է գիւղատնտեսական արտադրանքով օրինակ հարուստ է կիտրոնազգի եւ թէյով: Միջին ջերմաստիճանը ձմեռը կը կազմէ 6-8 °C է, ամռանը 22-23° C: Թէեւ որ ճարտարարուեստութիւնը կը ներարէ նաւաշինութիւն, սնունդի վերամշակում եւ թեթեւ արտադրանքներ, բայց մեծմասամբ Պաթումիի տնտեսութիւնը կը գոյանայ զբոսաշրջիկներու վրայ:

Պաթումի Փոխադրութիւն:

Հայաստանէն եկող մարդկանց համար զանազան ձեւեր եւ միջոցներ կան Պաթումի հասնելու համար:

Ինքնաշարժ՝ կարող էք նախ եւ առաջ գալ Թիֆլիս Սասունցի Դաւիթ կամ Կիլիկիա կայարանէն շարժուող ինքնաշարժներով, յետոյ կրնաք Թիֆլիսէն գալ գնացքով եւ կամ դարձեալ ինքնաշարժով կամ կրնաք գալ ձեր անձնական ինքնաշարժով:

Վրաստանի եւ Հայաստանի քաղաքացիները փոխադարձ կրնան երթալ գալ Վրաստան եւ Հայաստան առանց ոեւէ վիզայի կամ այլեւայլ ուրիշ փաստաթուղթերու կարիք ունենալու :